Կնոջական

Հինգ Բան, Որ Պէտք Է Ննջարանէն Հեռացնել Հանգիստ Քնանալու Համար

Հինգ Բան, Որ Պէտք Է Ննջարանէն Հեռացնել Հանգիստ Քնանալու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Եթէ գիշերը քնանալու դժուարութիւն ունիք, պատճառը ձեր ննջասենեակը կրնայ ըլլալ: Ահա հինգ բան, որ պէտք չէ պահել ննջասենեակին մէջ` լաւ քունը խթանելու համար: 1 Ելեկտրական Սարքեր Բջիջային հեռախօսը, համակարգիչը, պատկերասփիւռը եւ նմանօրինակ սարքերը իրենց տեղեկութիւններուն եւ նկարներուն տարափով ոչ միայն արթուն կը պահեն ուղեղը, այլեւ կ՛ազդեն քունի որակին եւ աչքերու առողջութեան վրայ: Հետեւաբար ննջարանէն պէտք է հեռացնել այս...

Մանկավարժին Կարծիքով.  10 Հարցում, Զորս Պէտք Է Ուղղէք Ձեր Երեխային, Դպրոցէն Տուն Վերադարձին

Մանկավարժին Կարծիքով. 10 Հարցում, Զորս Պէտք Է Ուղղէք Ձեր Երեխային, Դպրոցէն Տուն Վերադարձին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ «Այսօր օրդ ինչպէ՞ս անցաւ». այս հարցումը օրական կ՛ուղղէք ձեր դպրոցական երեխային եւ յաճախ կը ստանաք նոյն պատասխանը` «լաւ», առանց իսկապէս իմանալու, թէ ան ինչպէ՛ս անցուց իր օրը կամ ի՛նչ ապրումներ ունեցաւ: Օրէ օր դուք միշտ նոյն հարցումը կը կրկնէք` ցոյց տալով, որ դուք հետաքրքրուած էք իրմով: Այս հարցումը կամաց-կամաց կը կորսնցնէ իր արժէքը, եւ ձեր երեխան ցանկութիւն չ՛ունենար...

Հետաքրքրական.  Գենիա Մուրադեան

Հետաքրքրական. Գենիա Մուրադեան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Այո՛, նկարին վրայ պատկերուած հայուհին 82-ամեայ Գենիա Մուրադեանն է. իսկ դուք գիտէ՞ք, թէ... - Գենիան «Մայր Հայաստան» արձանի բնորդուհին է. ան Երեւան կ՛ապրի եւ ամէն առտու իր տան պատշգամէն կը տեսնէ հայրենիքի պահապան հրեշտակ արձանը: - Գենիան 17-18 տարեկան էր, երբ քանդակագործ Արա Յարութիւնեանը առաջարկեց «Մայր Հայաստան» արձանին բնորդուհին դառնալ: Գենիային մայրը մերժեց, սակայն շատ չանցած` ան եղբօրը...

Հոգեբանին Կարծիքով. Ինչպէ՞ս Պատասխանել Երեխաներու Հարցումներուն` Պատերազմի Մասին

Հոգեբանին Կարծիքով. Ինչպէ՞ս Պատասխանել Երեխաներու Հարցումներուն` Պատերազմի Մասին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Օրական լրատուամիջոցները տասնեակ տեսանիւթեր եւ վերնագրեր կը հրապարակեն Լիբանանի եւ Կազայի պատերազմներուն մասին: Երեխաները հետաքրքրութեամբ կը լսեն, թէ ծնողները ինչպէ՛ս կը քննարկեն այդ ամէնը: Նոյնիսկ եթէ կը թուի, թէ անոնք կը խաղան, բայց եւ այնպէս պակաս ուշադիր չեն մեծերու խօսակցութեան: «Պատերազմի բացատրութիւնը երեխաներուն բացարձակ անհրաժեշտութիւն է», կ՛ըսեն հոգեբանները: Կարգ մը երեխաներ ինքնուրոյն չեն խօսիր պատերազմի մասին. այնուամենայնիւ, անոնք...

Մանկավարժին Կարծիքով.  Ծնողներուն Դերը Իրենց Երեխաներուն Ուսումնական Յաջողութիւններուն Մէջ

Մանկավարժին Կարծիքով. Ծնողներուն Դերը Իրենց Երեխաներուն Ուսումնական Յաջողութիւններուն Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Որպէս ծնողներ` դուք կարեւոր դեր կը խաղաք ձեր երեխաներու ապագայի ձեւաւորման համար: Ամենակարեւոր ոլորտներէն մէկը, որ դուք կրնաք ազդեցութիւն ունենալ, անոնց ուսումնական յաջողութիւնն է: Երեխաները, որոնք կը մեծնան ներգրաւուած եւ աջակցող ծնողներու հետ, աւելի հաւանական է, որ լաւ աշակերտներ ըլլան եւ բացայայտեն իրենց ամբողջ ներուժը: Առաջին եւ ամենակարեւոր քայլը, որ կրնաք առնել` աջակցելու համար ձեր երեխաներու դպրոցական յաջողութիւններուն,...

Հետաքքրական.  Ձիու Արձանի Մը Խորհրդանիշները

Հետաքքրական. Ձիու Արձանի Մը Խորհրդանիշները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Բոլորիս ծանօթ է Սասունցի Դաւիթի արձանը, որ հայ մեծ քանդակագործ, գեղանկարիչ Երուանդ Քոչարի ստեղծագործութիւնն է: Բայց քիչեր գիտեն, որ անիկա Երեւանի ամենածանր յուշարձանն է եւ կը կշռէ շուրջ 3,5 թոն: Ձիու արձանին բնորդն է Վանուշ Խանամիրեանը (Հայաստանի պարի պետական անսամպլի մենակատար եւ գեղարուեստական ղեկավար): Հանճարեղ Երուանդ Քոչարի յաւերժախօս քանդակը, որ հայրենապաշտութեան, հայոց հաւաքական ուժի եւ յաղթանակներու խորհրդանիշ է,...

Հոգեբանին Կարծիքով.  Ինչո՞ւ Կարեւոր Է Երեխայէն Ներողութիւն Խնդրելը

Հոգեբանին Կարծիքով. Ինչո՞ւ Կարեւոր Է Երեխայէն Ներողութիւն Խնդրելը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ձեր երեխայէն ներողութիւն խնդրելը վճռորոշ քայլ է, որ կը նպաստէ անոր առողջ զարգացման եւ ընտանիքէն ներս դրական յարաբերութիւններու հաստատման: Ստորեւ` ներողութիւն խնդրելու 6 համոզիչ պատճառներ. 1.- Օրինակ Ծառայելու Համար Ծնողները կենդանի օրինակ են իրենց զաւակներուն համար: Անհրաժեշտութեան պարագային ներողութիւն խնդրելը ցոյց կու տայ, որ կարեւոր է պատասխանատուութիւն կրելը գործած արարքներուն համար եւ ընդունիլ սխալը: Այսպէս, երեխան նաեւ կը...

8 Օգտակար Խորհուրդներ` Անուշահոտերու Ճիշդ Օգտագործման Համար

8 Օգտակար Խորհուրդներ` Անուշահոտերու Ճիշդ Օգտագործման Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Կը պատահի, որ ծանօթ վաճառանիշի թանկարժէք անուշահոտ գնէք, բայց գոհ չմնաք, յուսախաբ ըլլաք: Հնարաւոր է սակայն, որ դուք ճիշդ ձեւով չէք օգտագործեր զայն: Եկէք բացայայտենք օգտակար խորհուրդներ` անուշահոտը ճիշդ ձեւով օգտագործելու եւ կարգ մը սխալներէ խուսափելու համար: - 1 - Անուշահոտը սփռեցէք մարմնի զարկերակային կէտերուն` դաստակներուն, արմուկներու ներսի ծալքերուն, վիզին, ականջներու բլթակներուն: Ասոնք մարմնի այն մասերն են, ուր...

Գոյներու Ազդեցութիւնը Երեխաներուն Վրայ

Գոյներու Ազդեցութիւնը Երեխաներուն Վրայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Վերջերս լայն տարածում գտած է «պեժ մայրեր» հասկացողութիւնը: Ասոնք մայրեր են, որոնք հանգիստ երանգներ (յատկապէս` պեժ գոյնը) կ՛ընտրեն իրենց տան կահոյքին, հագուստին եւ մանկական խաղալիքներուն համար: Հետազօտողներու կարծիքով, ասիկա բացասաբար կ՛ազդէ հոգեկանին վրայ` յառաջացնելով տխրութիւն եւ հոգեկան անտարբերութիւն (apathie): Մասնագէտներու խօսքով, տարբեր երանգները որոշակի յուզական եւ ֆիզիքական հակազդեցութիւններ կը յառաջացնեն: Օրինակ` կարմիրը կը խթանէ աշխուժութիւնը եւ կը բարձրացնէ...

Չորս Օգտակար Խորհուրդներ` Նոր Գործի Դիմողներուն

Չորս Օգտակար Խորհուրդներ` Նոր Գործի Դիմողներուն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երբ նոր գործի կը դիմէք, բացի հարցաթերթիկ ամբողջացնելէ, անխուսափելիօրէն հարցազրոյց կ՛ունենաք հաստատութեան տնօրէնին կամ անոր մէկ ներկայացուցիչին հետ: Այդ հարցազրոյցը չափազանց կարեւոր է` տրուած ըլլալով, որ անկէ կախեալ է գործի ընդունուելու կամ մերժուելու վճիռը: Գործի ընդունուելու հարցազրոյցը կ՛ենթադրէ` պողպատեայ ջիղեր, ինքնավստահութիւն, արթնամտութիւն, պատրաստաբանութիւն եւ այլն... Հոգեբան-հոգեբուժ Ժաք-Անթուան Մալարվեց հետեւեալ խորհուրդները կու տայ բոլոր անոնց, որոնք կը պատրաստուին նման...

Մեր Մեծերը. 10 Հետաքրքրական Փաստեր Սիլվա Կապուտիկեանի Կեանքէն

Մեր Մեծերը. 10 Հետաքրքրական Փաստեր Սիլվա Կապուտիկեանի Կեանքէն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 1.- Սիլվա Կապուտիկեանի հայրը ուսուցիչ Բարունակ Կապուտիկեանն էր: Սիլվան շատ գրութիւններ ունի հօր մասին, որ մահացեր էր իր ծնունդէն 3 ամիս առաջ: 2.- Հօր մահէն ետք Սիլվային ընտանիքը ծանր պայմաններ կը դիմագրաւէ: Մայրը որպէս հաշուապահ կ՛աշխատի, իսկ իր խնամքը կը յանձնուի մօրաքոյրներուն եւ վանեցի տատին: 3.- Սիլվան ընդամէնը 19 տարեկան էր, երբ Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամակցելու առաջարկ կը...

Ինչպէ՞ս Ապահովել  Նորածին Երեխային Անվտանգութիւնը

Ինչպէ՞ս Ապահովել Նորածին Երեխային Անվտանգութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երեխան, ինչ տարիքի ալ ըլլայ, յատուկ ուշադրութեան եւ հոգատարութեան կարիք ունի, բայց երբ խօսքը կը վերաբերի նորածին երեխային, ծնողքին պատասխանատուութիւնները կը քառապատկուին: Ստորեւ մանկաբուժի օգտակար խորհուրդներ` նորածին երեխային անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Երբ կը վերցնէք ու կը գրկէք ձեր երեխան, մէկ ձեռքով ապահով պահեցէք անոր գլուխը: Թէեւ անիկա աւելի ուժեղ է, քան ինչ կը թուի, սակայն անոր վիզին մկանները...

Հայ Կին Շեֆերու Յաջողութիւնները.  «Վոկ» Ամսաթերթը Յօդուած Նուիրած Է Հայ Կին Շեֆ Խոհարարուհիներուն

Հայ Կին Շեֆերու Յաջողութիւնները. «Վոկ» Ամսաթերթը Յօդուած Նուիրած Է Հայ Կին Շեֆ Խոհարարուհիներուն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Ամերիկեան «Վոկ» ամսաթերթը յօդուած տրամադրած է հայ կին շեֆ խոհարարուհիներու, որոնք վերաիմաստաւորած են ազգային խոհանոցը` անոր մէջ ժամանակակից շեշտադրումներ մտցնելով: Խօսքը կը վերաբերի Արեւիկ Մարտիրոսեանին, Վարդա Աւետիսեանին եւ Անի Յարութիւնեանին` խոհարարական կալուածէն ներս, Մարիամ Սաղաթելեանին` գինեգործութեան եւ Մարինա Շաքարեան-Միքայէլեանին` պանրագործութեան կալուածներէն ներս իրենց ձեռքբերումներուն, հմտութեան եւ նորարարական մօտեցման համար: Ստորեւ յօդուածէն կը մէջբերենք բաժիններ, որոնք կը վերաբերին Հայաստանին...

Խաղողօրհնէքի Աւանդութիւններ

Խաղողօրհնէքի Աւանդութիւններ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը, որ յայտնի է նաեւ որպէս խաղողօրհնէքի տօն, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ 5 տաղաւար տօներէն չորրորդն է եւ Տիրամօր նուիրուած տօներէն ամենահինը: Տօնը կը նշուի օգոստոսի 15-ի մերձակայ կիրակի օրը եւ ունի շաբաթապահք, նաւակատիք եւ մեռելոց: Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին օրը բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պատարագ կը մատուցուի, որմէ ետք կը կատարուի խաղողօրհնէք: Խաղողօրհնէք Ինչպէս արտօնուած չէր...

Հետազօտութիւնները Կը Վկայեն…

Հետազօտութիւնները Կը Վկայեն…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հիւսելու Առաւելութիւնները Հարվըրտ համալսարանի հետազօտողներու կարծիքով, հիւսելը դրական ազդեցութիւն ունի մեր առողջութեան վրայ: Փրոֆեսէօր Հերպըրթ Պենսոնի կարծիքով, հիւսելը, որ առհասարակ մեծ մայրիկներու զբաղում համարուած է, յանձնարարելի է բոլորին` ընկճախտը յաղթահարելու համար: Պենսոնի կողմէ կատարուած հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ անոնք, որոնք արդէն 70 տարիքը թեւակոխած են, բայց կը շարունակեն օգտագործել իրենց ձեռքերը` ըլլայ հիւսելով, դաշնամուր նուագելով, խեցեգործութեամբ զբաղելով,...

Հոգեբանին Կարծիքով.  Մանկութեան Տարիներուն Ծնողական Սիրոյ Պակասի Հետեւանքները

Հոգեբանին Կարծիքով. Մանկութեան Տարիներուն Ծնողական Սիրոյ Պակասի Հետեւանքները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ «Հագուստ ունի, խաղալիք` նոյնպէս, փորդ կուշտ է, դպրոց կ՛երթաս, ի՞նչդ կը պակսի...»: Այս խօսքերը շատ մը ծնողներ կը կրկնեն, սակայն անոնք յաճախ կը մոռնան, որ նիւթական բարիքները այն բոլորը չեն, որոնք անհրաժեշտ են երեխային: Առաջին հերթին անոր հարկաւոր են խնամք, հոգատարութիւն, սէր, հասկացողութիւն եւ աջակցութիւն: Այս բոլորէն զրկուած երեխաները անինքնավստահ, հոգեպէս ոչ կայուն անհատներ կը դառնան եւ չափահաս...

Մանկավարժին Կարծիքով.  Պարտադիր Չէ, Որ Իտէալական Ընտանիքը Կատարեալ Ըլլայ, Անիկա Պէտք Է Միասնական Ըլլայ

Մանկավարժին Կարծիքով. Պարտադիր Չէ, Որ Իտէալական Ընտանիքը Կատարեալ Ըլլայ, Անիկա Պէտք Է Միասնական Ըլլայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ընտանիքը այն ջերմ բոյնն է, ուր երեխաները կը զգան պաշտպանուած, սիրուած ու փայփայուած` մնացեալ անդամներուն կողմէ: Կատարեալ մարդ չկայ, ինչպէս որ չկայ կատարեալ ընտանիք, բայց կարեւորը միասնական ըլլալն է: Իսկ ի՞նչ կը հասկնանք «միասնական ընտանիք» ըսելով. անշուշտ խօսքը չի վերաբերիր կատարեալ ընտանիքին, այլ` անվտանգ եւ խնամող միջավայրի մը մասին, ուր բոլոր անդամները զիրար կը յարգեն, կը լսեն, իրարու...

Բարեկազմ Երեխաները` Աւելի՞ Խելացի…

Բարեկազմ Երեխաները` Աւելի՞ Խելացի…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Սէյն Լուիսի Ուաշինկթըն համալսարանի գիտնականները յայտնաբերեր են, որ աւելորդ ծանրութիւն ունեցող երեխաները նոյնքան խելացի չեն` իրենց բարեկազմ հասակակիցներուն բաղդատած: Գիտնականները ուսումնասիրեր են 9-11 տարեկան աւելի քան 2.500 աղջիկներու եւ 2.700 մանչերու մտաւոր ունակութիւնները` յատուկ մտաւոր «թեսթ»-երու օգնութեամբ: Հետազօտութեան ընթացքին գնահատուեր են փորձարկուողներուն բառապաշարը եւ մտածողութեան տրամաբանութիւնը: Հետազօտութիւնը սկսելէ երկու տարի ետք գիտնականները պարզեր են, որ այն երեխաները, որոնք...

Ո՞ր Տարիքին Կարելի Է Երեխան Տունը Առանձին Ձգել

Ո՞ր Տարիքին Կարելի Է Երեխան Տունը Առանձին Ձգել

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Կարելի չէ մէկ օրէն միւսը որոշել ու երեխան տունը առանձին ձգել, այնքան ատեն որ անոր հնարաւորութիւն չէ տրուած ինքնուրոյն եւ ինքնաբաւ դառնալու: Ինքնուրոյն ըլլալու հնարաւորութիւնը երեխային պէտք է ընձեռել աստիճանաբար` հինգ-վեց տարեկանէն սկսած. հոգեբանին կարծիքով, նախ կարելի եղածին չափ մեծ ազատութիւն պէտք է տաք անոր` ձեր ներկայութեան: Յաճախ թոյլ տուէք ձեր երեխային ինքնուրոյն տնօրինել իր գործերը` առանձին հագուիլ,...

Տունը Հաճելի Եւ Հիւրընկալ Դարձնելու Պարզ Միջոցներ

Տունը Հաճելի Եւ Հիւրընկալ Դարձնելու Պարզ Միջոցներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երբեւէ մտածե՞ր էք, որ շատ քիչ բան պէտք է տունը հաճելի միջավայրի մը վերածելու համար: Ստորեւ` քանի մը հնարք, որպէսզի ուրախ եւ հանգիստ զգաք ձեր փոքրիկ բոյնին մէջ: Ո՛չ Ըսէք Աղմուկին Փորձեցէք տան մէջ աղմուկը նուազագոյնի իջեցնել: Անջատեցէք հեռատեսիլին ձայնը, փակեցէք փողոցին աղմուկը տուն փոխադրող պատուհանը, հրաժարեցէք տան մէջ բարձրակրունկ կօշիկներով շրջելէ, պոռալով խօսելէ... Աղմուկը դիւրագրգիռ կը դարձնէ...

Page 3 of 23 1 2 3 4 23

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?