Վարդանանցը Մեր Մշակոյթին Մէջ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հետաքրքրական Գրիգոր Խանճեանի «Վարդանանք»-ը Գրիգոր Խանճեանի «Վարդանանք»-ը հայ կերպարուեստի պատմութեան մէջ մեր ժողովուրդի հերոսական ժամանակաշրջաններէն մէկը պատկերող առաջին մեծաչափ գործն է: Նկարը կը կրէ Եղիշէ պատմիչին` Վարդանանց պատերազմի մասին ըսուած իմաստուն խօսքի խորհուրդը` «Մահ ոչ իմացեալ` մահ է, մահ իմացեալ` անմահութիւն է»: Նկարին կեդրոնը զօրավար Վարդան Մամիկոնեանն է` ճերմակ նժոյգի վրայ, ձեռքին` սուր, շրջապատուած` զինեալ մարտիկներու բազմութեամբ:...



















