Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ձեր երեխային դպրոցական արդիւնքները յստակօրէն նահանջա՞ծ են, անոր վրայ ճնշում բանեցնելը բանի չի ծառայեր: Ահաւասիկ քանի մը թելադրանք` անոր նեցուկ կանգնելու, խթանելու, որպէսզի քիչ-քիչ յաղթահարէ դժուարութիւնները:
Վստահաբար կ՛ուզէք, որ ձեր զաւակը յաջողակ աշակերտ ըլլայ եւ, ինչո՞ւ չէ, օրին մէկը դառնայ բժիշկ, ճարտարապետ կամ դասախօս… Բայց դժբախտաբար բոլոր երեխաները ի վիճակի չեն իրենց ծնողներուն փափաքները իրականացնելու, եւ ասիկա ողբերգութիւն մը չէ: Ձգեցէք, որ ձեր զաւակը աշխատի իր կշռոյթով, աւելորդ ճնշում մի՛ բանեցնէք, ընդունեցէք անոր կարողութիւնները եւ օգնեցէք, որպէսզի տայ իր առաւելագոյնը:
Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն բրիտանացի մանկավարժները ծնողներուն.
ա.- Ծնողներուն չափազանցուած պահանջները կրնան վնասել մանուկին դպրոցական արդիւնքներուն: Բարձրագոյնին ձգտիլը լաւ է, բայց պէտք է իրապաշտ ըլլալ:
բ.- Պէտք է քաջալերել եւ արժեւորել երեխային ճիգերը: Եթէ ան թուաբանութեան ձախող նիշ բերած է, բայց պէտք է անդին ֆրանսերէնի կամ հայերէնի արդիւնքը լաւ է` արժեւորել երեխային դրական կէտերը եւ նշել` տկարը:
գ.- Օգնել երեխային եւ անոր կողքին կանգնիլ: Դասի ժամերուն ծնողը պէտք է ներկայ ըլլայ, նոյնիսկ եթէ երեխային կողքին պիտի չնստի: Ծնողքը պէտք է ստուգէ զաւկին տնային աշխատանքները, աշխատանքին լրջութիւնն ու գիրին մաքրութիւնը, ի հարկին կարգ մը նիւթերու պարագային բացատրութիւն եւ ուղղութիւն տայ:
դ.- Հսկել, որ բաւարար քնանայ: Մասնագէտներու կարծիքով, 6-12 տարեկան դպրոցականները 9 ժամ պէտք է քնանան, որպէսզի դասարանին մէջ աւելի կեդրոնացած ըլլան եւ, բնականաբար, աւելի լաւ արդիւնք տան:
ե.- Դաստիարակիչ խաղեր խաղալ: Շատ կանուխէն երեխան սորվելու փափաք կ՛ունենայ: Անոր հետաքրքրութեան գոհացում տալու համար պէտք է ժամանակ ստեղծել եւ հետը դաստիարակիչ խաղեր խաղալ (բառխաղ, յիշողութեան խաղ, փազըլ եւ այլն…), նաեւ ճատրակը շատ յանձնարարելի է ռազմավարական ունակութիւնները զարգացնելու համար:
զ.- Աշխատանքի լաւ պայմաններ ստեղծել:
Լաւ աշխատելու համար երեխան յարմարաւէտ պայմաններու կարիք ունի: Հանգստաւէտ գրասեղան մը, գրենական պիտոյք, բառարան, հանրագիտարան եւ անշուշտ լուռ եւ խաղաղ անկիւն մը անհրաժեշտ են:
Է.- Դպրոցին եւ դասատուին հետ կապի մէջ ըլլալ: Եթէ երեխային դպրոցական դժուարութիւնները կը շարունակուին, պէտք չէ վարանիլ դպրոցին եւ դասատուներուն հետ խորհրդակցելու: Ճանչնալով զաւկին տկար կէտերն ու կրթական բացերը` աւելի դիւրին կ՛ըլլայ կողմնորոշուիլ եւ լուծումներ գտնելը:
ը.- Երբեմն անձնական դասերը անհրաժեշտ են: Եթէ երեխան նիւթի հետ կապուած բացեր եւ դժուարութիւններ ունի, թերեւս անձնական ուսուցիչի մը օգնութիւնը կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ արդիւնքներու բարելաւման մէջ:
Գիրք Կարդալու
10 Համոզիչ Պատճառ
Արդեօք կը յիշէ՞ք, թէ վերջին անգամ երբ հետաքրքրական վէպ մը կարդացեր էք… Սովորութիւն ունի՞ք օրական քանի մը էջ կարդալու, թէ՞ մնայուն ֆէյսպուքի վրայ էք…
Ահաւասիկ 10 համոզիչ պատճառներ` գիրք կարդալու.
1.- Ընթերցումը կ՛աշխուժացնէ ուղեղը:
2.- Ընթերցումը կը նուազեցնէ ընկճախտը:
3.- Ընթերցումը կը բարելաւէ գիտելիքները:
4.- Ընթերցումը կը հարստացնէ բառապաշարը:
5.- Ընթերցումը կը բարելաւէ յիշողութիւնը:
6.- Ընթերցումը կը բարելաւէ շարադրելու ունակութիւնը:
7.- Ընթերցումը կը զարգացնէ քննական միտքը:
8.- Ընթերցումը կը բարելաւէ ուշադրութիւնը եւ կեդրոնացումը:
9.- Ընթերցումը հոգեկան բաւարարութիւն կու տայ:
10.- Ընթերցումը ձրի է:
Նորաձեւութիւն
Արցունքի Տեսքով
Աչքի Զարդեր
29-ամեայ հոլանտացի ոճաբան Էրիք Քլարենպիք յղացած է արցունքի տեսքով աչքի զարդեր, որոնք կը հաստատուին աչքի լենսի միջոցով:
Զարդը բաղկացած է փոքրիկ բիւրեղներէ, որոնք կ՛երկարին այտին վրայ ու կը փայփլին:
Կը մնայ ստուգել, թէ որքանո՛վ անվնաս են այս զարդերը եւ որքանով չեն խանգարեր աչքը թարթելը…
Լուսաւոր Գաղափարներ
Ի՞նչ Բաներու Կարելի Է Օգտագործել
Բաղնիքի Վարագոյրի Ձողերը
Զսպանակով օժտուած բաղնիքի վարագոյրի ձողերը շատ կ՛օգնեն տան մէջ թափառող իրեր դասաւորելու համար: Ահաւասիկ` լուսաւոր գաղափարներ:
1.- Լուացարանին տակի պահարանին մէջ` մաքրութեան դեղերու շիշերը դասաւորելու համար:
2.- Սեղան մը փոքրիկ պահարանի մը վերածելու համար:
3.- Լոգարանին քով` երեխաներուն մանր խաղալիքները դասաւորելու համար:
4.- Կորսուած անկիւն մը, երկու պատի միջեւ, կօշիկները դասաւորելու համար:
5.- Կորսուած անկիւն մը, երկու պատի միջեւ, վզկապերը դասաւորելու համար:
6.- Խոհանոցի պահարանին մէջ տապակներն ու կաթսաները դասաւորելու համար:
Խոհագիր
Դդումի Ապուր`
Ֆեթթա Պանիրով
Յիշենք, որ դդումը կը պարունակէ շաքար, փրոթէին, ֆոսֆոր, երկաթ, սոտիոմ, փոթասիոմ, քարոթեն, ինչպէս նաեւ` Սէ, ՊԷ1, Պէ2 եւ Փէ. Փէ. կենսանիւթերը: Դդումը կը մաքրէ լեարդը եւ երիկամները, կ՛աշխուժացնէ աղիքներուն գործունէութիւնը եւ կ՛օգնէ մարմնէն քոլեսթերոլի արտաքսման:
Բաղադրութիւն` 6 անձի համար
– 6 կլոր կանաչ դդում
– 2 գետնախնձոր
– Կէս կապոց թարմ անանուխ
– 250 կրամ ֆեթթա պանիր
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Լուալ, կեղուել եւ խորանարդաձեւ կտրտել գետնախնձորները: Դդումները «գլխատել», միջուկը պարպել, իսկ պատեանները պահել, նոյնպէս ալ «գլուխները»: Կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել, քիչ մը աղ աւելցնել եւ մէջը խաշել կտրտուած գետնախնձորն ու դդումի միջուկը, շուրջ 20 վայրկեան:
Բանջարեղէնները քամոցէ անցընել եւ հարիչով նօսր խիւսի մը վերածել, ապա` աղել եւ համեմել:
Ֆեթթա պանիրին կէսը փշրել եւ աւելցնել ապուրին, նոյնպէս ալ մանրուած թարմ անանուխին կէսը:
Ապուրը լեցնել դդումի պատեաններուն մէջ եւ հրամցնել: Մնացեալ պանիրն ու անանուխը առանձին ամանով մը սեղան բերել:
Կլոր դդում չգտնելու պարագային, ապուրը հրամցուցէք փոս ամաններու մէջ, իսկ պատրաստութեան ընթացքին օգտագործեցէք նաեւ դդումին կեղեւը:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Մի լուռ խորհուրդ է կատարւում իմ մէջ.
Ուզում եմ հիմա, երկիր Հայաստան,
Ճանաչել հեռուից
Քարերը քո հին,
Ճանաչել լեզուդ,
Որին հաղորդ են խորհուրդ ու գաղտնիք,
Դարերդ անցեալ,
Որոնք տեսել են
Քո կոթողների քարէ շքերթը,
Քո խաչքարերը,
Աստուածայինը քո գեղեցկութեան,
Որի ծնկները ջարդել են, աւաղ…
Մի լուռ խորհուրդ է կատարւում իմ մէջ.
Կարօտում եմ քեզ,
Թէկուզ քեզանից ես յուշեր չունեմ:
Սակայն թւում է,
Թէ այդ յուշերը եղել են ու կան
Եղունգներիս տակ
Եւ, աներեւոյթ,
Արտաբուրել են
Ծագման,
Գահերի
Եւ արեան շունչը:
Երկիր Հայաստան,
Քեզ ունեմ, առանց քեզ ունենալու…
Քո քայլքն եմ լսում,
Քո հառաչանքը,
Շառաչը ծովի,
Որ արտասուել է սեւ դագաղներով:
Եւ քո խիտ յուզման
Ծիծաղն եմ լսում:
Մի լուռ խորհուրդ է կատարւում իմ մէջ.
Ու ես փռում եմ
Իմ յուզումների մագաղաթը մեծ,
Որ նրա վրայ երգդ սկսեմ
Ճանաչելով քո քարերը վայրի:ԱԼԻՍԻԱ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ