Փորթուգալցի փորձառու մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ պիտի ըլլայ Պենֆիքայի նոր մարզիչը` ըստ փորթուգալցի Փաուլօ Պարպոսային: «Այո՛, Մուրինիօ շուտով պիտի գլխաւորէ Պենֆիքան: Ան արդէն որոշած է ստանձնել ակումբին ղեկը», ըսած է Պարպոսա:
Ըստ Պարպոսայի, Մուրինիօ ապագային կը փափաքի մարզել նաեւ Փորթուգալի ազգային խումբը:
Մուրինիոյի վերջին ակումբը եղած էր Թուրքիոյ Ֆեներպահչէն, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի մրցումներէն դուրս մնացած էր նոյնինքն Պենֆիքայի պատճառով: Փորթուգալի ախոյեանութեան 4 հանգրուաններէն ետք, Պենֆիքա 10 կէտ ունի եւ կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը: