Անցեալ տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն չորեքշաբթի գիշեր յաղթանակով սկսաւ այս տարուան մրցաշարքը` 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Աթալանթային, հակառակ Պրատլի Պարքոլայի կորսնցուցած փենալթիին:
«Հաճոյք է այս մակարդակի ֆութպոլ դիտելը: Կարծեմ մեր համակիրները ուրախ մնացին», ըսաւ ֆրանսական մայրաքաղաքի խումբին մարզիչ Լուիս Էնրիքէ:
Լիվըրփուլ շատ լաւ ձեւով սկսելէ ետք կը կարծուէր, թէ շատ հանգիստ յաղթանակ մը պիտի արձանագրէր Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ: Մրցումի առաջին 6 վայրկեաններուն Ռոպերթսոն եւ Սալահ արագ կոլեր նշանակեցին, բայց կիսախաղ չեղած Մարքոս Լորենթէ կրցաւ փոխադարձել կոլով մը: Նոյնինքն Լորենթէ 81-րդ վայրկեանին նշանակեց Աթլեթիքոյի հաւասարութեան կոլը` յիշեցնելով 2020-ի Բ. հանգրուանի մրցումը, ուր նշանակած էր 2 կոլեր` դուրս ձգելով այդ ժամանակ ախոյեան Լիվըրփուլը:
Սակայն Սոպոսլայի քոռնըրէն ետք Լիվըրփուլի խմբապետ Վան Տայք կրցաւ 3 կէտերը նուիրել Լիվըրփուլին, որ 92-րդ վայրկեանին նշանակեց յաղթանակի կոլը: Այս տարեշրջանին Լիվըրփուլ 5 մրցումներ, որոնք հաւասարութեամբ կ՛աւարտէին, կրցաւ յաղթել 90 վայրկեաններէ ետք, «Քամպեք»-ի արքաներ տիտղոսը ստանալով:
Պայերն Միւնիխ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Չելսիիին` օգտուելով Հերի Քէյնի տուպլէէն: Անգլիացի խմբապետ Քոլ Փալմեր գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց ի նպաստ Չելսիի: Ձեւով մը ուշացած «վրէժ»-ի մրցում մըն է Պայերնի համար, որ 2012-ի աւարտականին «Ալիանց Արինա»-ի մէջ պարտուած էր Չելսիէն:
Այլ «ուշացած վրէժ»-ի մրցումի մը, Այաքս Ամսթերտամ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Ինթեր Միլանէն, որ 1972-ի աւարտականին պարտութիւն կրած էր օրին` Եոհան Քրոյֆի ակումբէն: Ֆրանսացի Մարքուս Թիւրամ նշանակեց Ինթերի զոյգ կոլերը:
18 տարի բացակայելէ ետք նորվեկիական ակումբ մը` Պոտօ Կլիմթ վերադարձաւ «Չեմփիընզ լիկ» եւ յիշատակելի մրցում մը ունեցաւ Չեխիոյ մէջ` Սլաւիա Փրակայի դէմ: Սլաւիա 2-0 արդիւնքով կը յառաջանար, երբ Պոտօ փենալթի մըն ալ կորսնցուցած էր, բայց մրցումի վերջին 12 վայրկեաններուն Տանիէլ Պասի եւ Սոնտրէ Ֆեթ նշանակեցին 2 կոլեր եւ Պոտօ Կլիմթ 1 կէտով վերադարձաւ Նորվեկիա:
Կիպրական Փաֆոս ակումբը, որ առաջին կիպրական ակումբը դարձաւ 2017-էն ի վեր` հասնելով «Չեմփիընզ լիկ», 10 մարզիկներով դիմացաւ եւ ճերմակ հաւասարութեամբ վերադարձաւ Յունաստանի Օլիմփիաքոսի դաշտէն: