Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի յայտարարեց, որ պատրաստ է Ֆլումինենսէի 40 տարեկան յետսապահ Թիակօ Սիլվային հրաւիրել 2026-ի մոնտիալին մասնակցելու:
Սիլվան աւելի կանուխ յայտնած էր, թէ կը ցանկայ խաղալ մոնտիալին` իր նախկին մարզիչին գլխաւորութեամբ: Անչելոթթի – Սիլվա զոյգը նախապէս համագործակցած է Ա. Սէ. Միլանի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի մէջ:
«Ես Թիակոն շատ լաւ կը ճանչնամ, եւ վերջերս խօսեցանք ալ: Խաղցող ընտրելու պահուն ես չեմ նայիր անոր տարիքին կամ անձնաթուղթի տուեալներուն: Եթէ աւելի լաւ վիճակի մէջ ըլլայ իր դիրքի վրայ (խմբակիցներ) մրցակիցներէն, խնդիր չեմ տեսներ: 40 տարեկան Մոտրիչն ու Մալտինին իրենց խումբերուն լաւագոյններն էին», ըսաւ Անչելոթթի:
Սիլվա 2008-էն ի վեր 113 անգամ կրած է Պրազիլի ազգային խումբի շապիկը` նշանակելով 7 կոլ:
Անչելոթթի խօսեցաւ նաեւ յառաջապահներ Վինիսիուս Ժունիորի եւ Ռոտրիկոյի մոնտիալի մասնակցութեան մասին:
«Արդեօք Վինիսիուսի տեղը 2026-ի Մոնտիալի յայտացուցակին մէջ երաշխաւորուա՞ծ է: Եթէ ան իր լաւագոյն վիճակին մէջ ըլլայ, անշուշտ այո:
Ռոտրիկոն նոյնպէս: Ան հիանալի ֆութպոլիստ է, բայց պէտք է ըլլայ լաւագոյն մարզավիճակին մէջ: Պէտք չունիմ պատմելու Վինիսիուսի եւ Ռոտրիկոյի մասին… Ես անոնց հետ «Չեմփիընզ լիկ»-ը շահած եմ», ըսաւ Անչելոթթի:


