Վերջերս Լիզպոնի մէջ կազմակերպուեցաւ բարեսիրական մրցում մը, որուն նպատակն էր 1 միլիոն եւրօ հաւաքել` օգնելու Փորթուգալի եւ Ուքրանիոյ բարեգործական կազմակերպութիւններուն:
Մրցումը տեղի ունեցաւ Փորթուգալի հին աստղերուն եւ աշխարհի աստղերուն միջեւ:
Փորթուգալի ազգային խումբին մաս կազմեցին Լուիշ Վիկօ, Թիակօ, Քուարեշմա, Վիթոր Պայա, Նանի, Փեփէ, Տեքօ եւ այլ աստղեր, մինչ աշխարհի կազմին մաս կազմեցին Քաքա, Ալեսանտր Տել Փիերօ, Հրիսթօ Սթոյչքով, Ճիորճի Հաճի, Եուրի Ճորքայեֆ եւ այլ աստղեր:
Փորթուգալի աստղերը լուրջի առած էին բարեկամական այս մրցումը եւ վճռականօրէն մտան դաշտ` իշխելով գրեթէ առաջին կիսախաղին:
Փաուլեթա, որ իր լաւագոյն օրերը անցուցած է Պորտոյի եւ Փարիզի Սեն Ժերմենի շապիկով, բացաւ մրցումին հաշիւը գլխու հարուածով` օգտուելով Ռիքարտօ Քուարեշմայի գեղեցիկ փոխանցումէն: 41 տարեկան Քռարեշմա տակաւին բարձր մակարդակի ֆութպոլ կը կիրարկէ եւ քանի մը առիթներ ստեղծեց Փաուլեթայի համար, որ 52 տարեկանին վստահաբար նոյն աշխուժ կոլ-սքորըրը չէր:
Էլտեր Փոշթիկա արդիւնքը 2-ի բարձրացուց Ֆիկոյի փոխանցումէն ետք, ապա Ֆիկօ Բ. կիսախաղին նշանակեց 3-րդ կոլը:
Առաջին կիսախաղին Փիթըր Չեք քանի մը ստոյգ կոլերէ փրկեց աշխարհի խումբին բերդը, մինչ անգլիացի Ճոն Թերի իր հռչակաւոր կոշտ պաշտպանութիւնը ստիպուեցաւ կիրարկել:
Բ. կիսախաղին, երբ Ճորքայեֆ, Հաճի, Մայքըլ Օուըն, Տել Փիերօ եւ Սթոյչքով դաշտ ներկայացան, աշխարհի խումբը առիթներ ստեղծեց մինչեւ Մայքըլ Օուընի կոլը, վերջինս օգտուեցաւ Տել Փիերոյի փոխանցումէն:
Ռէալ Մատրիտի նախկին յետսապահ Փեփէ գլխու հարուածով կոլ մը եւս աւելցուց եւ մրցումը վերջ գտաւ 4-1 արդիւնքով:
Նշենք, որ Եուրի Ճորքայեֆ փենալթի մը կորսնցուց, երբ անոր հարուածը զսպեց Պեթօ: Տել Փիերօ շարունակեց նշանակելով կոլ մը, որ օֆ սայտի պատճառով չեղեալ նկատուեցաւ:
Ստորեւ` երկու խումբերուն մասնակցող աստղերու անունները.
ՓՈՐԹՈՒԳԱԼ.- Վիթոր Պայա – Պրունօ Ալվեշ, Փեփէ, Ֆապիօ Քոենթրաու, Նանի, Լուիշ Ֆիկօ, Մանիշ, Թիակօ, Ժոզէ Պոսինկուա, Ռիքարտօ Քոարեշմա եւ Փաուլեթա: Պահեստի մարզիկներ` Պեթօ, Ռիքարտօ Քարվալիօ, Տեքօ, Ժորժէ Անտրատէ, Տանի, Նունօ Կոմեշ, Էլտեր Փոշթիկա, Էլիզեու Սիմաու:
Աշխարհի կազմը – Փեթըր Չեք, Խաւիէ Զանիթթի, Քարլես Փույոլ, Մարքօ Մաթերացի, Ճոն Թերի, Մարեք Համշիք, Կայխա Մենտիեթա, Քրիսթիան Քարամպէօ, Քաքա, Խաւէ, Սաւիոլա եւ Հենրիք Լարսոն: Պահեստի մարզիկներ` Վան Տեր Սար, Հիկիթա, Քաֆու, Ճորքայեֆ, Պալաքով, Հաճի, Քարակունիս, Տել Փիերօ, Օուըն, Սթոյչքով:


