Պուլկարիոյ Ալպենա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող բազկամարտի աշխարհի 46-րդ ախոյեանութեան, Հայաստանը ներկայացնող 60 քկ կշիռի Արման Մրտէեան երրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի փոխախոյեան:
Մրտէեան, որ 7 անգամ բազկամարտի Եւրոպայի ախոյեան դարձած է, կը մասնակցի մինչեւ 23 տարեկաններու տարիքային խումբին հետ:
Նշենք, որ բազկամարտի աշխարհի ախոյեանութեան կը մասնակցին 59 երկիրներէ ներկայացուցիչներ:


