– Պարսելոնա Շարունակեց Մնալ Անպարտելի Միակ Խումբը
– Ռէալ Պեթիս – Ռէալ Մատրիտ` 3-5
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սպանիոյ մէջ Պարսելոնա շարունակեց մնալ անպարտելի միակ խումբը, երբ Լուիս Սուարեզի (16-րդ) եւ Եորտի Ալպայի (88-րդ) նշանակած կոլերուն շնորհիւ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Էյպարի:

Ռէալ Պեթիս – Ռէալ Մատրիտ մրցումը աւարտեցաւ կոլերով հարուստ, ի նպաստ երկրորդին` 5-3 արդիւնքով: Մարքօ Ասենսիօ նշանակեց Ռէալ Մատրիտի կոլերէն երկուքը:
Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ եօթը կէտով ետ է Պարսայէն, 2-0 արդիւնքով յաղթեց Աթլեթիքօ Պիլպաոյին:
Գերմանիոյ մէջ, Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրն էր Վոլֆսպուրկին, իր յաղթանակը արձանագրեց (2-1) մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (91-րդ), երբ Ռոպերթ Լեւանտովսքի փենալթիով նշանակեց իր կոլը:
Լեւանտովսքիի խմբակից Արժեն Ռոպեն 55-րդ վայրկեանին փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել:
Համպուրկի վիճակը դարձաւ աւելի մտահոգիչ, երբ անիկա կրեց այլ պարտութիւն մը իր հիւրէն` Պայէր Լեւերքուզընէն (2-1):
Իտալիոյ մէջ, Նափոլի իր ունեցած մէկ կէտի առաւելութիւնը պահեց 2-րդ դիրքը գրաւող Եուվենթուսի վրայ` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սփալ-2013-ին: Իր կարգին, Եուվենթուս նոյն արդիւնքով յաղթեց Թորինոյի:


