Նախանցեալ օր Լուէյզի ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը պիտի շարունակէ… առանց իր օտար մարզիկներուն:
Այս որոշումը տրուեցաւ, որովհետեւ Լուէյզի որոշեց այդքան հսկայական գումարներ չծախսել իր օտարականներուն վրայ:
Նիւթական պատճառով ակումբը յանգեցաւ այս եզրակացութեան, եւ այնպէս կը թուի, որ խումբը վերջին տարեշրջանն ըլլալով կը մնայ Ա. դասակարգին մէջ, հակառակ անոր որ այս տարեշրջանին անիկա լաւ եւ տպաւորիչ արդիւնքներ ձեռք ձգած էր:
Խումբէն առաջին հեռացողը եղաւ Թրեւիս Ֆրանքլին, որուն պիտի յաջորդեն մնացեալները:


