Զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ռոթերտամի թենիսի միջազգային մրցաշարքին, ապահովելով կիսաւարտականի իր տոմսը, դարձեալ պիտի գլխաւորէ պարագլուխի դիրքը տղոց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման, որ պիտի հրապարակուի այսօր:
36 տարեկան Ֆետերեր, որ իր այս յաղթանակը արձանագրեց հոլանտացի Ռոպեն Հաասի դէմ (4-6, 6-1 եւ 6-1)` 1 ժամ 19 վայրկեանի ընթացքին, այսպիսով թենիսի պատմութեան մէջ կը դառնայ ամէնէն տարիքոտ թենիսմենը (36 տարեկան, 195 օր), որ կը գրաւէ առաջին դիրքը, այսպիսով կոտրելով ամերիկահայ Անտրէ Աղասիի հաստատած մրցանիշը (33 տարեկան, 133 օր):
Աղասի երէկ շնորհաւորեց Ֆետերերը` իր այս իրագործումին համար:



