Կազմակերպութեամբ Հուփսի ակադեմիային, նախորդ շաբաթավերջին անոր Հազմիէի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ մինի պասքեթի առաջին տարեկան պասքեթպոլի մրցաշարքը, մասնակցութեամբ աւելի քան 300 երկսեռ մարզիկներու, որոնք մասնակցեցան 10 եւ 12 տարեկանէն վար դասակարգերու մրցումներուն:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ ակումբները.
Սաժես, Շանվիլ, Անդրանիկ, Թաատոտ, Էներժի Զուք, Հուփս Պէյրութ, Հուփս Միշել Մըր – Պաուշրիէ եւ Հուփս Հազմիէ:
Մրցաշարքին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի մարզիչ Փաթրիք Սապա, ինչպէս նաեւ մարզիկներ Պասել Պաուժի, Միկել Մարթինեզ, ամերիկացի Քրիս Քրոֆորտ:
Առաջին հանգրուանի մրցումները ընթացան բաւական մեծ խանդավառութեամբ:



