Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան 31 մարտէն 9 ապրիլ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի «Կրենտ Չես Քլասիք» միջազգային մրցաշարքին:
Արոնեանի մրցակիցներուն կարգին պիտի ըլլայ նաեւ աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն:
Այս մրցաշարքին 3 հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Պատեն-Պատենի մէջ, իսկ 5 հանգրուանը` Քարլսրուհէ քաղաքին մէջ:
Նախքան այս մրցաշարքը, 10-27 մարտին Արոնեան Պերլինի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ աշխարհի ախոյեանի թեկնածուներու մրցաշարքին` առաջին հանգրուանին իրեն մրցակից ունենալով Տին Լիրենը (Չինաստան):



