Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 22 փետրուարին տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 20:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերել իրենց կազմը:



