Երէկ` երեքշաբթի, 20 փետրուարին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Սերպիա մեկնեցաւ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին կողմէ կազմուած սնոպորտի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար սնոպորտի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած փոքր երկիրներու ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Տինա Նասըր, մինչ մարզիկներն են Նաֆեզ Թոք, Հոկիթ Ֆախրի եւ Մայքըլ Ժահժահ:
Լիբանանի մասնակցութիւնը այս մարզաձեւին կարեւոր պիտի ըլլայ այն իմաստով, որ սնոպորտի մրցումները Լիբանանի մէջ յաւելեալ ժողովրդականութիւն պիտի ունենան:



