«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ դարձի մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր` հինգշաբթի, 22 փետրուարին:
Այսօր մրցում ունի կատարելիք նաեւ լոնտոնեան Արսենալը, որ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Տեսթերսունցը (Շուէտ):
Երթի մրցումին Արսենալ, որ իր դաշտէն դուրս հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց (3-0), բնականաբար դժուարութիւն պիտի չունենայ այսօրուան մրցումին ալ:
Սքայ-Սփորթցի հաղորդումով, Արսենալի ֆրանսացի մարզիչ Արսեն Վենկեր իր հիմնական կազմին մէջ առած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ մարզիչը որոշեց հանգստացնել գերմանացի միջնապահ Մեսութ Էօզիլը, որպէսզի ան լաւագոյն մարզավիճակին մէջ ըլլայ, երբ իր կազմը Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին ճակատի Մանչեսթըր Սիթիի դէմ:
Այստեղ տեղին է նշել, որ շուէտական կազմին դէմ կատարուած երթի մրցումին, Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացաւ 84 վայրկեան, կատարեց կոլի 2 էսիսթ:



