«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ Շախտիոր Տոնեցքին, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Իր բերդին մէջ 2 կոլ ստանալէ ետք, իտալական կազմը մրցումին վերջին վայրկեանին յաջողեցաւ կոլ մը նշանակել, որ դարձի մրցումին կրնայ իր դրական ազդեցութիւնը ունենալ:

Երէկուան երկրորդ մրցումին, Սեւիլլա 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ:


