Խրուաթիոյ նախագահ Քոլինտա Կրապար-Քիթարովիչ ներկայ պիտի ըլլայ 2018-ի մոնտիալի քառորդ աւարտականի ծիրին մէջ կատարուելիք Ռուսիա – Խրուաթիա մրցումին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Ան ներկայ եղաւ նաեւ Խրուաթիոյ կատարած մէկ այլ մրցումին, ուր անիկա մրցեցաւ Դանիոյ դէմ (խմբակներու մրցումներ): Այս մրցումին Խրուաթիա յաղթեց փենալթիներով:
Ռուսիա – Խրուաթիա մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, ժամը 21:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):



