Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը երէկ սկսաւ իր փորձերուն` պատրաստուելու համար 2018-2019 տարեշրջանին:
Անգլիական կազմը սպանացի գլխաւոր մարզիչ Ունայ Էմերիի գլխաւորութեամբ իր առաջին փորձերը կատարեց Արսենալի մարզադաշտին վրայ:
Արսենալին միացաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ եւ խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իր ամառնային արձակուրդը անցընելէ ետք Հայաստանի մէջ, վերադարձաւ եւ միացաւ իր խմբակիցներուն: