Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին Ժունիէի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացում ծովային մարզական մեքանիքի միջազգային ակադեմիայի նոր կեդրոնին, ուր պիտի մարզուին միջազգային մրցաշարքերու մարզիկներ եւ հսկող անձեր:
Անոր ներկայ գտնուեցան ծովային մարզական մեքանիքի միջազգային ֆետերասիոնի իտալացի նախագահ Ռաֆայէլ Քիուլի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ծովային մարզական մեքանիքի ֆետերասիոնի նախագահ, ծովակալ Էտմոն Շաղուրի, ակադեմիայի սեփականատէր Փիեռ Աքըլ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Բացման հանդիսութեան զուգահեռ, տեղի ունեցաւ նախորդ տարեշրջանի ճեթսքիի ախոյեաններու մրցանակաբաշխութիւնը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Լուսանկարները՝ PROFOTO