Գերմանացի իրաւարար Ֆելիքս Պրիխ զրկուեցաւ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի մրցումները սպասարկելու կարելիութենէն:
ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, թէ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած մրցումներուն, Սերպիա – Զուիցերիա ճակատումին ան կատարեց քանի մը սխալներ, որոնք կը նկատուին անընդունելի:
Այդ մրցումէն ետք, Սերպիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը Պրիխը մեղադրեց կողմնակալութիւն կատարելու յանցանքով, որովհետեւ անոր օգնութեամբ Զուիցերիա յաղթանակ մը արձանագրեց:
Պէտք է նշել, որ այդ մրցումին ան բացայայտ փենալթի մը զլացաւ ի նպաստ Սերպիոյ:



