Կոլ.Քոմ կայքը կը յայտնէ, որ անգլիական Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա կը նկատուի Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբը գլխաւորելու հիմնական թեկնածուներէն մէկը:
Կը նշուի, որ Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Կուարտիոլային պիտի առաջարկէ տարեկան 12 միլիոն ամերիկեան տոլար: Այդ գումարին կէսը պիտի վճարեն խումբ մը արժանթինցի գործատէրեր:
Սակայն ըստ երեւոյթին այս տեղեկութիւնները տարաձայնութիւն են` նկատի ունենալով, որ Կուարտիոլա անգլիական ակումբին հետ իր պայմանագրութիւնը վերջերս երկարաձգեց մինչեւ 2021
Բայց եւ այնպէս ամէն բան կրնայ կատարուիլ, եթէ Արժանթին Սիթիին վճարէ Կուարտիոլայի հրաժարագինը:



