Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքերուն, ինչպէս նաեւ այլ ախոյեանութիւններու վիճակաձգութիւնը:
Լիբանանի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ա. հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին մրցակիցը պիտի ըլլայ Մապարրա:
Մրցումներուն թուականը, վայրը եւ ժամը, պիտի հրապարակուին յաջորդ նիստին:
Ա. հանգրուանին յաղթանակ արձանագրելու պարագային, Բ. հանգրուանին, ՀՄԸՄ իր դէմ պիտի ունենայ Շապապ Պըրժ – Սաժես մրցումին յաղթականը:
Եթէ պատահի, որ ՀՄԸՄ այս մրցումէն ալ յաղթական դուրս գայ, 1-16-րդ հանգրուանին պիտի մրցի Սաֆայի դէմ:
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, Բ. խմբակի մաս կազմող ՀՄՄ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Ահլի Սարպայի դէմ:
Այլ գետնի վրայ, ֆետերասիոնը յայտնեց, որ աղջկանց 17 տարեկանէն վար կրտսերներու ախոյեանութեան աւարտին, ախոյեան հանդիսացաւ Ախա Ահլի Ալէյ խումբը, որ իր կատարած հինգ մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրեց: Երկրորդ դիրքը 12 կէտով գրաւեց Զուք Մոսպեհ:



