Հայաստանի տղոց 20 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը իր ելոյթները աւարտեց Եւրոպայի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով:
Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, հայրենի կազմը իր վերջին մրցումին 75-66 արդիւնքով յաղթեց Մոլտովայի եւ ախոյեանութիւնը աւարտեց 21-րդ դիրքին վրայ:
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ մրցումին լաւագոյն կոլ-սքորըրը հանդիսացաւ Ճասթին Գույումճեան (28 կէտ):
Այլ գետնի վրայ, Քոսովոյի Փրիշթինա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 18 տարեկանէն վար Գ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստանի տղոց խումբը 79-46 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մոնաքոյէն:
Հայաստանի հաւաքականին յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Իրլանտա:



