«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն («Մերսետես») նախորդ շաբաթավերջին Գերմանիոյ Կրան Փրիին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2018-ի աշխարհի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, հանդիսացաւ առաջին:
Հոքընհայմի այս վազքուղիին ընթացքին Հեմիլթըն, որ արձանագրեց 1 ժամ 32’29” արդիւնք մը, յաջողեցաւ գերմանացի Սեպասթիան Վեթելէն («Ֆեռարի»), խլել վարորդներու ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը` 17 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով անոր վրայ:
Վեթել, որ այս կրան փրիին կը գտնուէր առաջին դիրքին վրայ, 52-րդ լեփին, դուրս մնաց անկէ, որովհետեւ տեղացող անձրեւուն պատճառով չէր փոխած իր անիւը:
Հեմիլթըն, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 66 անգամ հանդիսացաւ առաջին, իր այս խումբին հետ 44 անգամն ըլլալով կը հանդիսանար առաջին:
Անգլիացին, որ իր այս խումբին հետ երրորդ անգամ ըլլալով կը գրաւէր առաջին դիրքը, այժմ ունի 188 կէտ:
Անոր ետին Գերմանիոյ կրան փրիին, երկրորդ դիրքը գրաւեց «Մերսետես»-ի անոր խմբակից, ֆինլանտացի Վալթերի Պոթթաս (4” ուշ), իսկ երրորդ հանդիսացաւ «Ֆեռարի»-ի ֆինլանտացի վարորդ Քիմի Ռայքոնըն (6” ուշ):



