Երէկ տեղի ունեցաւ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն` «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի 2018-2019 տարեշրջանի զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Հակառակ անոր որ Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ դուրս մնաց «Չեմփիընզ լիկ»-էն, սակայն անիկա իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցաշարքին, ուր պիտի մրցի Սութիեւքայի դէմ (Մոնթենեկրօ): Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ մրցակիցի դաշտին վրայ, 26 յուլիսին:
Մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ զուիցերիացի Ալեն Պիերի:
Մակեդոնական Վարտարի արգելքը յաղթահարած Փիւնիկ Երեւան նոյն օրը հիւրը պիտի ըլլայ Թոպոլի (Ղազախստան):
Մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Եուրի Ֆրիշեր (Էսթոնիա):