Քէյլոր Նաւաս Պայքար Պիտի Մղէ Քուրթուայի Դէմ
Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող քոսթառիքացի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս չի պատրաստուիր հեռանալու ակումբէն, հակառակ անոր որ պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա միացաւ արքայական ակումբին: Ընդհակառակն` ան պիտի պայքարի անոր դէմ իր հիմնական դիրքը պահելու համար: Ռէալի հետ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2020-ին: Նշենք, որ նախապէս շրջան կ՛ընէին լուրեր, որ Նափոլի իր կազմին պիտի միացնէ Նաւասը, բայց անոր փոխարէն իտալական կազմին միացաւ Ալեքս Մերեթ:
