Ֆրանսական «Լ՛եքիփ» մարզական օրաթերթը կը յայտնէ, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Եուվենթուսի նախկին բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն իր նոր ակումբէն` Փարիզ Սեն Ժերմենէն ամսական աշխատավարձ պիտի ստանայ 410 հազար եւրօ:
Այսպիսով, 40 տարեկան բերդապահը մէկ տարուան ընթացքին իր կազմէն պիտի գանձէ 4,92 միլիոն եւրօ:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ ան իր կազմէն պիտի ստանայ 8 միլիոն եւրօ:



