Մեքսիքացի յետսապահ Ռաֆայէլ Մարքեզ պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
39 տարեկան ֆութպոլիստը, որ մասնակցեցաւ 2018-ի Մոնտիալին, դարձաւ առաջին խաղացողը, որ եղաւ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խմբապետը 5 տարբեր մոնտիալիներու ընթացքին:
Ան մաս կազմած է շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Պարսելոնա:
Ան իր ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 20 տիտղոսներու (ակումբներու մակարդակով), որոնցմէ 12-ը` Պարսելոնայի հետ:



