Սպանական «Մարքա» մարզական օրաթերթը երէկ յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Մարսելօ պիտի բացակայի այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մատրիտեան տերպիէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Ան վիրաւորուեցաւ նախանցեալ օր Սեւիլլայի դէմ կատարուած «Լա լիկա»-ի մրցումէն:
Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք այս մրցումէն պիտի բացակայի նաեւ Իսքօ, մինչ Քարվախալի մասնակցութիւնը հարցականի տակ է:



