«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ, «ՎԱՐ» («VAR») համակարգը պիտի կիրարկուի նաեւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն «ՎԱՐ» համակարգէն պիտի օգտուի նաեւ 2019-ի Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումին ընթացքին, ինչպէս նաեւ 2020-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան:
«Եւրոպայի լիկա»-ի մրցաշարքին անիկա պիտի կիրարկուի 2020-2021 տարեշրջանէն սկսեալ, իսկ «Ազգերու լիկա»-ին` 2021-էն սկսեալ:
Այս ամրան ընթացքին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալին այդ համակարգը օգտագործուեցաւ:



