Մանչեսթըր Եունայթըտի ղեկավարութիւնը ցարդ չ՛աճապարեր պաշտօնանկ ընելու համար ակումբին փորթուգալցի մարզիչը` Ժոզէ Մուրինիոն, որուն հետ մինչեւ 2020 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է:
Վերջին շրջանին լուրջ տարակարծութիւններ սկսան ֆութպոլիստներուն եւ մարզիչին միջեւ: Վերջինը տեղի ունեցաւ մարզիչին եւ Փոլ Փոկպայի միջեւ, ինչ որ մտահոգեց խումբին պատասխանատուները` խումբին արձանագրելիք արդիւնքներուն առնչութեամբ:
Սակայն եթէ Մանչեսթըր Եունայթըտ որոշէ գործէ արձակել Մուրինիոն, անոր ստիպուած է վճարել 26 միլիոն եւրօ:



