«Պէյրութ-օփըն 2018»-ի թեքուանտոյի միջազգային բաց մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ, Լիբանանը ներկայացնող շարք մը երկսեռ մարզիկներ տիրացան տարբեր տեսակի մետալներու:
Պէտք է նշել, որ պայքարը եղաւ բաւական սուր եւ լարուած մթնոլորտի մը մէջ` նկատի ունենալով, որ բազմաթիւ մարզիկներ եկած էին Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն եւ Արաբական երկիրներէ:
Լիբանանի տարբեր ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու ընթացքին ընդհանրապէս ոսկի մետալներու տիրացած Ալեքսիա Մարիա Աւագեան, այս ախոյեանութեան եւս եկաւ բարձր պահելու լիբանանահայութեան անունը, երբ տիրացաւ ոսկի մետալի:
Աւագեան աղջկանց կրտսերներու 46 քկ դասակարգին մէջ խլեց առաջնութիւնը` աւարտականին յաղթելով Սուրիոյ ներկայացուցիչ Հանան Սայմէին:
Կը շնորհաւորենք Ալեքսիա Աւագեանը, անոր ծնողքը եւ ընտանեկան պարագաները` անոր մաղթելով նորանոր նուաճումներ յառաջիկային տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն ընթաքին:


