Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումները բախտաբեր չեղան երկրին զօրաւորագոյն երկու կազմերուն` Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի համար, նկատի ունենալով, որ անոնք կրեցին տարեշրջանի իրենց առաջին պարտութիւնը` օտար դաշտերու վրայ:
Ռէալ Մատրիտ 3-0 արդիւնքով քիչ մը ծանր պարտութիւն կրեց Սեւիլլայէն, մինչ Պարսելոնա 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը` Լեկանեսէն:
Հակառակ անոր որ Ֆիլիփ Քութինիօ 12-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն այդ կոլէն ետք Լեկանես նշանակեց 2 կոլ` 2 վայրկեանի ընթացքին (52-րդ եւ 53-րդ):
Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ այժմ ունին 13-ական կէտ:



