Թայլանտի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ ակումբներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ներկայացուցիչ Ռիատի Պէյրութ երկարաձգումէն ետք արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 106-100 արդիւնքով (27-22, 19-26, 22-14, 19-25 եւ 9-3) յաղթելով Մոնօ Վամփայըրին (Թայլանտ):
Ռիատիէն Ամիր Սէուտ մօտ օր թրիփըլ-տապըլ մը իրագործելու (30 կէտ, 9 ռիպաունտ, 8 էսիսթ): Անոր խմբակից Մարք Լայընզ նշանակեց 27 կէտ եւ 10 էսիսթ, մինչ Պասել – Պաուժի` 25 կէտ եւ 16 ռիպաունտ:
Ա. հանգրուանի իր վերջին մրցումին, Ռիատի այսօր ժամը 16:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը մրցի Միրալքօ Պոլթցի (Ֆիլիփեան կղզիներ) դէմ:



