Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամ, Եւրոպայի ախոյեան Անի Յովսէփեան, արհեստավարժ ռինկի յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 2026-ի մարտին:
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին խօսած է Անի Յովսէփեան, որուն յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ հարաւային Ափրիկէի ներկայացուցիչ Նոզիֆօ Պել:
«Մեծ հաւանականութիւն կայ, որ այդ մենամարտին յաղթելու պարագային, կարելիութիւն կ՛ունենամ մենամարտելու «Տապըլեու. Պի. Սի. Սիլվըր» գօտիին համար», ըսած է Յովսէփեան:
Անի Յովսէփեան արհեստավարժ ռինկի աղջկանց հաւաքականի միակ անդամն է ու անկախ Հայաստանի միակ Եւրոպայի ախոյեանը աղջկանց բռնցքամարտի գծով: Անոր ամէնէն կարեւոր մենամարտը արհեստավարժ ռինկի վրայ եղած է 2025-ի հոկտեմբերին` Երեւանի մէջ, ուր ան յաղթած է սերպ Քսենիա Մետիքին:


