Վենետիկի (Իտալիա) մէջ տեղի ունեցած հեղինակաւոր մրցաշարքի ախոյեան դարձաւ հայկական քարաթէի ներկայացուցիչ Նորիկ Մակարեեան:
7-9 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Վենետիկի քարաթէի միջազգային մրցաշարքը` «քարաթէ Եութ լիկ»-ը` կազմակերպութեամբ Քարաթէի համաշխարհային ֆետերասիոնին:
Մրցաշարքին մասնակցեցան հարիւրաւոր երիտասարդ մարզիկներ` աշխարհի չորս ծագերէն, որոնց կարգին նաեւ Հայաստանի հաւաքականը, 14-էն, 17-էն, 19-էն եւ 21-էն վար տարիքային կարգերով:
10 մարզիկներով հայկական պատուիրակութեան միակ մետալը նուաճեց Նորիկ Մակարեան, որ 14 տարեկանէն վար ախոյեան դարձաւ 40 քկ կշիռի մրցումներուն: Պատանի մարզիկը վստահ ելոյթ ունեցաւ` յաղթելով Ուքրանիոյ, Ամերիկայի, Իտալիոյ եւ Սլովաքիոյ ներկայացուցիչներուն:
Աւարտականին Մակարեան դժուար մրցում ունէր Թիւրքմենիստանի ներկայացուցիչ Մուհամետորազ Կուլովի դէմ եւ 4-1 արդիւնքով կրցաւ յաղթել` նուաճելով ոսկի մետալը:


