«Չեմփիընզ լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանի 2-րդ օրուան մրցումներուն, մասնաւոր անակնկալ արդիւնք չարձանագրուեցաւ. Լոնտոնի Արսենալը 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պելճիքայէն` Պրիւժի դէմ մրցումին: Անցեալ տարուան ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն չկրցաւ կոլ նշանակել Աթլեթիք Պիլպաոյի դէմ մրցումին (0-0):
Նափոլի 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Մուրինիոյի Պենֆիքայէն: Ռէալ Մատրիտ, որուն մարզիկներուն մեծամասնութիւնը իրենց հաւատարմութիւնը յայտնեցին մարզիչ Չապի Ալոնսոյի, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Մանչեսթըր Սիթիէն:


