Ալմաթիի մէջ տեղի ունեցող «Ղազախստան Չես քափ 2025 ճատրակի մրցաշարքի 9-րդ հանգրուանին, Հայաստանի զոյգ ներկայացուցիչները` Արամ Յակոբեան եւ Մարիամ Մկրտչեան գրաւեցին տղոց եւ աղջկանց մրցումներու պարագլուխի դիրքերը:
Արամ Յակոբեան իր 9-րդ հանգրուանի մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց թիւ 1 դասուած Քազիպեք Նոկերպեքի հետ եւ պահեց կէս կէտի իր առաւելութիւնը Բ. դիրքը գրաւող ռուս Տիմիթրի Պոչարովի վրայ, որ իր կարգին հաւասարեցաւ Տանիէլ Սափենովի հետ (Ղազախստան):
Աղջկանց մրցումներուն, Մարիամ Մկրտչեան պարտութեան մատնելէ ետք Ղազախստանի Այուալիմ Քալտարովան, գրաւեց առաջին դիրքը 6,5 կէտով` կէս կէտի առաւելութիւն ունենալով ռուս Ալինա Պիվոլի եւ Ուզպեք Աֆրուզա Խամտամովայի վրայ, որոնք հաւասարութիւններ արձանագրեցին իրենց մրցումներուն:
Մարիամ Մկրտչեան տակաւին ունի երկու մրցակիցներ` Ասել Սերիքպայը (Ղազախստան) եւ Լիյա Քուրմանկալիեւան (Ղազախստան), որոնք 5-ական կէտեր ունին:
Տղոց պարագային, Յակոբեան իր վերջին երկու մրցումներուն պիտի մրցի Տանիէլ Սափենովի (4,5 կէտ) եւ Ժամսարան Ցիփտովի (3,5 կէտ) դէմ:


