Չորեքշաբթի գիշեր ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը Շանվիլ դպրոցի դաշտին վրայ մրցում ունէր Մարիսթի դէմ: Մրցումը սկսաւ բաւական հաւասարակշռուած, բայց զգալի էր, որ ՀՄԸՄ աւելի լաւ էր մրցակիցէն:
Մրցումին 6-րդ վայրկեանն էր, երբ ռիպաունտի բարձրանալէ ետք Թայլըր Պէյ վիրաւորեց իր ոտքի մկանը եւ չկրցաւ աւարտել մրցումը: Արդիւնքը 15-21 էր այդ պահուն, եւ ՀՄԸՄ ազատ հարուածով կէտ մը եւս աւելցուց 7 կէտերու բարձրացնելով իր առաւելութիւնը, սակայն երբ 2 օտար ունիս 3 օտարներու դէմ, բնական է, որ խումբը նաեւ կորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը, մանաւանդ Թայլըր Պէյի նման մարզիկ մը կորսնցնելով, որ Լիբանանի ախոյեանոթեան ամէնէն շատ տապըլ-տապըլ ձեռք ձգող մարզիկն էր` առնուազն 29 կէտ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգելով: Մրցումը շարունակուեցաւ, մանաւանդ կողովին տակ զգալի էր Թայլըրի բացակայութիւնը, եւ այդ պատճառով ալ տղաքը դիմեցին 3 կէտնոց կողովներու, որոնք սակայն շատ յաճախ անյաջող էին համեմատած այլ մրցումներու:
Ճորտըն Սթիվընզ բազմիցս փորձեց իր բախտը, եւ 13 փորձերէն միայն 3-ը հասան իրենց նպատակին: 2 անգամ յաջողեցան Խալիտ Թոմաս եւ Ահմետ Իպրահիմ, մրցումի մը, ուր մարզիչ Ճօ Մոժահես դաշտ ներկայացուց իր 12 մարզիկներն ալ` առիթ տալով բոլորին, մանաւանդ երբ անկարելի էր հասնիլը մրցակիցին, որ պահ մը 35 կէտերու հասցուց իր առաւելութիւնը:
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի պահեստի մարզիկները 32 կէտեր նշանակեցին, բոլորն ալ համեմատաբար լաւ ելոյթ ունենալով: Փիթըր Տեքերմենճեան 5 կէտ նշանակեց, բայց 10 ռիպաունտ հաւաքեց` լաւ ձեւով պաշտպանելով իրմէ շատ աւելի փորձառու մրցակիցներու դէմ:
Ազիզ Ապտել Մասիհ իր կարգին լաւ ելոյթ ունեցաւ 15 կէտ նշանակելով, մինչ Սերուժ Աւետիսեան (5 կէտ) եւ Թանիոս Աքիքի (5 կէտ) իրենց կարգին իրենց կարելին ըրին:
Ճորտըն 20 կէտ նշանակեց այս մրցումին, մինչ Ահմետ Իպարհիմ եւ Խալիտ Թոմաս յաջորդաբար նշանակեցին 16 եւ 13 կէտեր:
Մրցումը աւարտեցաւ 116-89 արդիւնքով, ուր Ճեվիըն Պլէյք թրիփըլ տապըլ ձեռք ձգեց 29 կէտ, 11 էսիսթ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգելով, մինչ Հենրի Սիմզ 30 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Մարիսթի 3-րդ օտարը` Ալեքզանտր Լազիչ, 22 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Այժմ պէտք է մոռնալ տարեշրջանի առաջին պարտութիւնը եւ կեդրոնանալ վաղը տեղի ունենալիք Սանթրալի դէմ մրցումին վրայ, ուր բոլորը կը սպասեն Թայլըր Պէյի վիճակին` յոյսով, որ ան դարմանուած ըլլայ խումբի մը դէմ, որ 2 պարտութիւն ունի Անթունիէի եւ Ռիատիի դէմ եւ կը գրաւէ 4-րդ դիրքը` ՀՄԸՄ-ի ետին:


