Ալմաթիի մէջ տեղի կ՛ունենայ միջազգային «Ղազախստան Չես Քափի 2025» ճատրակի մրցաշարքը:
Տղոց մրցումներուն, Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Արամ Յակոբեան 8 հանգրուաններէ ետք 5,5 կէտ հաւաքած է եւ կը գրաւէ առաջին դիրքը: 11 հանգրուաններէ կազմուած այս մրցաշարքի երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի ռուս Տիմիթրի Պոչարով, որ կարելի 8 կէտերէն 5 կէտ հաւաքած է:
Աղջկանց մրցումներուն հայ ներկայացուցիչ Մարիամ Մկրտչեան 3 այլ ներկայացուցիչներու նման 5,5 կէտ ապահոված է եւ թայ-պրէյքով միայն կը գրաւէ 3-րդ դիրքը աւարտէն 3 հանգրուան առաջ: Առաջին դիրքը կը գրաւէ Մոնկոլիոյ ներկայացուցիչ Պաթխույակ Մունկունթուլ, իսկ 2-րդ դիրքը կը գրաւէ ռուս Ալինա Պիվոլ: Ուզպեքիստանի Աֆրուզա Խամտամովա, որ ամէնէն բարձր դասուած մարզիկն է, կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:


