Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի 30-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան քառորդ աւարտականի չորս մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան այսօր` ուրբաթ, 8 փետրուարին իրարու դէմ ճակատող կիսաւարտականի զոյգերը:
Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ, որ մրցեցաւ մարոքեան Ժամհիեթ Սալայի դէմ, հաստատ քայլերով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, ուր այսօր, ժամը 16:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը մրցի Պէյրութի դէմ:
Այս մրցումին պիտի յաջորդէ Ռիատի Մայթի Սփորթ Ֆիլիեփեաններ մրցումը (ժամը 18:00-ին):
ՀՄԸՄ երէկուան իր յաղթանակը արձանագրեց 100-93 արդիւնքով (21-29, 27-23, 29-19 եւ 23-22):
Մրցումին լաւագոյն կոլսքորըրը հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-էն Ուոլթըր Հոճ (37 կէտ): Անոր խմբակից Մայք Էֆիպրա նշանակեց 18 կէտ, մինչ Փաթրիք Պու Ապպուտ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (17 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Պէյրութ 92-80 արդիւնքով յաղթեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբին: Ալի Հայտար տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (20 կէտ, 11 ռիպաունտ), իսկ անոր խմբակից Քուինսի Տուպի նշանակեց 19 կէտ:
Իսկ Ռիատի իր յաղթանակը արձանագրեց սուրիական Ուահտէի դէմ` 96-74 արդիւնքով: Ամիր Սէուտ նշանակեց 24 կէտ, իսկ Ուաէլ Արաքժի` 21 կէտ:



