Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 9 փետրուարին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Անդրանիկ Պէյրութի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին, տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Նաքքաշ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Դարձի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, երեքշաբթի, 12 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:
 
			

