Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պենֆիքա, որ հիւրընկալեց Նասիոնալը, արձանագրեց 10-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը:
Վերջին անգամ Պենֆիքա այսպիսի արդիւնք մը արձանագրած էր 1964-ին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պենֆիքա, որ ապահովեց տարեշրջանի իր 50-րդ կէտը, այժմ մէկ կէտի տարբերութեամբ ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փորթոյէն:



