Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի 30-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան կիսաւարտականի մրցումները:
ՀՄԸՄ չկրցաւ ապահովել աւարտականի իր տոմսը, երբ 97-68 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պէյրութէն:
Աւարտական մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր, պիտի ըլլայ զուտ լիբանանեան, երբ Պէյրութ իր դէմ պիտի ունենայ Ռիատին: Վերջինս բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք իր կարգին հասաւ աւարտականին` 89-84 արդիւնքով, քիչ մը դժուարութեամբ յաղթելէ ետք Մայթի Սփորթցին (Ֆիլիփեան կղզիներ):
Պէյրութէն Քրիս Քրոֆորտ նշանակեց 30 կէտ, իսկ ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Փաթրիք Պու Ապպուտ (14):
Իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուաէլ Արաքժի (23 կէտ):




