«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ 8 խումբեր ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:
Յաջորդ հանգրուան հասնողներուն կարգին եղաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Արսենալ, որ շրջանցեց ֆրանսական Ռեննի արգելքը` արձանագրելով 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Արսենալ երթին Ֆրանսայի մէջ կրած էր 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մխիթարեան, որ վերջին քանի մը մրցումներուն վիրաւոր ըլլալով դաշտ չէր ներկայանար, երէկուան մրցումին ըլլալով պահեստի մարզիկ, դաշտ ներկայացաւ 69-րդ վայրկեանին:
Անոր խմբակից Փիեռ – Էմերիք Օպամիյանկ նշանակեց 2 կոլ (5-րդ եւ 72-րդ):
Յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ Չելսի, Վալենսիա, Վիարէալ եւ ուրիշներ, մինչ մրցաշարքը չկրցան շարունակել Ինթեր Միլան եւ ուրիշներ:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր:
 
			


