Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը գրեթէ հասած է իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ մնացած են աւարտականի վերջին հինգ ճակատումները (եթէ կարիքը զգացուի):
Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը պիտի հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ փոխախոյեան Ռիատի Պէյրութի աւարտականի առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 14 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերել իրենց կազմը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք երեկոյեան ժամը 17:15-ին Պուրճ Համուտի հրապարակէն, ինչպէս նաեւ Ֆանարի եւ Ռաուտայի ակումբներէն պիտի ուղղուին դէպի «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիր: