Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստան Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային վրայ հիւրընկալեց Վրաստանը:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումին (15 տարեկանէն վար), Հայաստան նուազագոյն հաշուով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Մրցումին միակ կոլը փենալթիով նշանակեց Կարէն Դաւթեան (70-րդ):
Խումբին գլխաւոր մարզիչն է Աղուան Այվազեան:



