Թայլանտի մէջ տեղի ունեցող պիչ-ֆութպոլի Ասիոյ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան քառորդ աւարտականի մրցումները:
Լիբանանի ազգային խումբը, որ մրցեցաւ Պաղեստինի դէմ, 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Լիբանանէն բացի մրցաշարքէն դուրս մնացին նաեւ Իրան, Մալեզիա եւ Պահրէյն:
Իսկ Պաղեստինի հետ կիսաւարտական հանգրուան հասան Օման, Ճափոն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
 
			


