«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան վեց ճակատումներ:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կրեց այլ պարտութիւն մը (տարեշրջանի 37-րդը) Թորոնթօ Ռեփթըրզի դաշտին վրայ` 111-98 արդիւնքով: Լէյքըրզէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 29 կէտ:
Պոսթըն Սելթիքս 126-120 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաքրամենթօ Քինկզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քիրի Ըրվինկ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (31 կէտ, 10 ռիպաունտ, 12 էսիսթ):
Թէեւ Փոլ Ճորճ նշանակեց 36 կէտ, բայց անոր կազմը` Օքլահոմա Սիթի, երկու կէտի տարբերութեամբ` 108-106 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ինտիանա Փէյսըրզի դաշտին վրայ:
Տենվըր Նակեթց կէտի մը տարբերութեամբ` 100-99 արդիւնքով յաղթեց Տալաս Մավըրիքսին: Յաղթական կազմէն Փոլ Միլսափ նշանակեց 33 կէտ:



